Եթէ այս ընթացքը չկոտրենք, Մայիս 29-ին կ'ունենանք 10 հազար եւ Յունիս 12-ին՝ 20 հազար դէպք. Փաշինեան մտահոգիչ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ

2020-05-20
Image

Մենք բաւական մեծ հարցի մը առջեւ կանգնած ենք այս պահուն, եւ այդ հարցի պատճառը այն է, որ մենք բոլորս թերեւս բաւարար լրջութեամբ չենք վերաբերիր «Քորոնա» ժահրին, ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մեզմէ իւրաքանչիւրն առանձնայատուկ քաղաքական ու քաղաքացիական պատասխանատուութիւն պէտք է ցուցաբերէ»,- նշած է վարչապետը, տեղեկացնելով, որ եթէ այս ընթացքը չկոտրենք, Մայիս 29-ին կ'ունենանք 10 հազար, իսկ Յունիս 12-ին՝ 20 հազար դէպք, ինչ որ կը նշանակէ, մահուան թիւերը էականօրէն պիտի աւելնան, որովհետեւ վերակենդանացման բաժանմունքները ամբողջովին լեցուած պիտի ըլլան հիւանդներով, ու մարդոց օգնութիւն ցոյց տալ պիտի չկրնան:

«Եթէ մենք այս վիճակագրութիւնը  չկոտրենք, ընթացքը չփոխենք, եթէ չիջեցնենք կտրուկ այս վիճակագրութիւնը,  ապա  իսկապէս շատ լուրջ հարցերու առաջ պիտի կանգնինք, եւ ամէն օր մեր մօտ տասնեակ, թերեւս նոյնիսկ հարիւրաւոր մարդիկ պիտի մահանան: Ինչը կը նշանակէ, որ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք կրկին մտցնել հնարաւոր ամենախիստ սահմանափակումները: Բայց մենք հնարաւորութիւն ունինք այդ չընելու, եւ այդ չընելու ձեւը կրկին մեզմէ իւրաքանչիւրի անհատական պատասխանատուութիւնն է»,- նկատել տուած է գործադիրի ղեկավարը:

Վերջինս շեշտած է, որ այս օրերուն ալ փողոցները հանդիպած է մարդոց, որոնք առանց դիմակներու, առանց ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու կը շրջին ու կը զրուցեն, կոչ ըրած է դիմակ կրելու, ընկերային հեռաւորութիւն պահպանելու, ախտահանուելու եւ ախտահանուած սպասք օգտագործելու:

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ հանրակառքեր ու հասարակական փոխադրամիջոցներ առանց դիմակի պէտք չէ մտնել.- «Մենք պիտի կիրառենք լուրջ միջոցներ, պիտի տուգանենք եւ գանձենք տուգանքները, որովհետեւ սա ազգային անվտանգութեան եւ կանոնները պահպանելու հարց է»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան նախորդ մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 218-ով՝ հասնելով 5041-ի: