ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կոչ կ'ընեն անյապաղ իրականացնելու մարդասիրական հրադադար

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները՝ Իկոր Փոփովը (Ռուսաստան), Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆերը (ԱՄՆ) տարածած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Համանախագահները տագնապով կ'արձանագրեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ շարունակուող բռնութիւնը։ Համանախագահները կոչ կ'ընեն Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւին եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու 10 հոկտեմբերի Մոսկուայի յայտարարութեան համապատասխան կողմերու պարտաւորութիւններու ամբողջական կատարման ուղղութեամբ, տարածաշրջանի համար աղէտալի հետեւանքները կանխելու համար:
Համանախագահները կրկին կը յայտարարեն, որ քաղաքացիական բնակչութեան զոհերը անընդունելի են որեւէ պարագային։ Համանախագահները կողմերուն կոչ կ'ընեն անյապաղ հաստատելու մարդասիրական հրադադարը, որպէսզի ապահովուին աճիւններու, ռազմագերիներու եւ այլ պահպանման տակ գտնուող անձերու վերադարձը, եւ կոչ կ'ընեն կողմերուն անյապաղ համաձայնեցնելու հրադադարի ստուգման մեքենականութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ զրոյցներէն ետք, համանախագահները կ'աշխատին կողմերուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման գործընթացի առարկայական հարցերու շուրջ, բանակցային լուծման հասնելու նպատակով»,- ըսուած է համանախագահներու տարածած հաղորդագրութեան մէջ: