Դուն հայի այն տեսակն ես, որ մինչեւ վերջ արմատներուն հաւատարիմ մնաց, յաւերժացաւ… ԱՀ նախագահը՝ Արցախի մէջ զոհուած սպանահայ գործարարի մասին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր դիմատետրի էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է․
«Սպանիոյ մէջ հաստատուած եւ գործարար կեանքին մէջ շօշափելի յաջողութիւններու հասած Արմէն Կնեազեանի մասին անգամ մը արդէն խօսելու առիթ ունեցած եմ: Ամիսներ առաջ հանդիպած էինք, զրուցած, ծրագրեր նախանշած: Իսկ պատերազմէն օրեր առաջ Հայրենիք էր.
Արցախն այլեւս կը սպասէր անոր ստեղծարար ջանքերուն ու ներդրումներուն…
Արմէնի հետ ծանօթացած էի 2016թ-ի քառօրեայ պատերազմի օրերուն:
Ժպիտով կը պատմէր, որ պայքարի լուրը առած է կնոջ ծննդեան օրը եւ, շնորհաւորելու փոխարէն, օդանաւի տոմս գնած է` շտապելով պաշտպանել հող հայրենին: Արմէնը այս անգամ ալ նոյն կերպ վարուեցաւ. Արցախէն վերադառնալէն ժամեր անց ան կրկին հայրենի հողի մէջ էր` իր բաժին Հայրենիքը պաշտպանելու նպատակով: Հերոս հայորդիի անմնացորդ պայքարը, ցաւօք, ընդհատուեցաւ թշնամիի դաւադիր գնդակէն…
Արմէ՛ն, իմ սիրելի՛ ընկեր, դուն քու պայքարով, Հայրենիքը իրաւամբ սիրելու քու օրինակով խորհրդանիշ դարձար: Դուն հայու այն տեսակն ես, որ մինչեւ վերջ արմատներուն հաւատարիմ մնաց, չկտրուեցաւ, չչորցաւ, յաւերժացաւ…
Հայրենիքն իր քաջազուն զաւակներու սխրանքը գնահատել գիտէ: Արմէն Արտաւազդի Կնեազեանը կը պարգեւատրուի «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչմամբ:
Հոգիդ լոյսերու մէջ ըլլայ, ընկե՛ր: Կը կիսեմ ընտանիքիդ ու հարազատներուդ կորուստի ցաւը»: