Դաւիթ Պապայեանը նշանակուած է Արցախի նախագահի խորհրդական

2020-05-29
Image

Արցախի նախագահի նախկին մամուլի խօսնակ Դաւիթ Պապայեանը նշանակուած է Արցախի նախագահի խորհրդական՝ արտաքին հարցերով: Այս մասին քիչ առաջ Facebook-ի իր էջի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Դաւիթ Պապայեանը նշանակուած է խորհրդական արտաքին պլոքի հետ կապուած: Մնացած ուժերուն հետ կ'աշխատինք»,-ըսած է ան:

Աւելի վաղ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ Դաւիթ Պապայեանը մայիս 26-ին ազատուած էր Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան պետի պաշտօնէն: