Գրեթէ հերոսական ջանքեր պահանջուած են, որ մինչ օրս ոեւէ դատապարտուածի եւ կալանաւորուածի մօտ «Քորոնա» ժահր չէ յայտնաբերուած. Ռուստամ Բադասեան

2020-05-07
Image

Գրեթէ հերոսական ջանքեր պահանջուած են, որ մինչ այսօր որեւէ դատապարտուածի եւ որեւէ կալանաւորուած անձի մօտ «Քորոնա» չէ յայտնաբերուած, թէեւ քրէակատարողական ծառայողներու շրջանին ունինք վարակման դէպքեր: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ Կառավարութեան 2019 թ. կատարողականի մասին զեկոյցի քննարկման ընթացքին յայտարարած է արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը՝ անդրադառնալով «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեանի՝ ՔԿՀ-ներ յանձնուքներու փոխանցման արգելքին:

«Յանձնուքներու սահմանափակումներու թեթեւացում կրնա՞յ ըլլալ, քանի որ կան դատապարտուածներ կամ կալանաւոներ, որոնք ունին քարտեր, որոնց օգնութեամբ կրնան խանութներէն ինչ-որ գնումներ ընել, ինչու միւսները գոնէ չկարողանան յանձնուքներ ստանալ»,-հետաքրքրուած է պատգամաւորը:

Բադասեանը նշած է՝ երէկուան տուեալներով՝ կայ 2142 դատապարտուած եւ կալանւորուած անձ: «Պատկերացուցէք՝ եթէ բոլորի ազգակիցները գան, եւ յանձնունքներով մտնեն ՔԿՀ-ներ, վարակի տարածման ինչ ցուցանիշներ կրնան ըլլալ: Խնդիրը միայն այդ է»,-պարզաբանած է նախարարը: