Գիշերուայ ընթացքին յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով. ՊԲ

2020-10-12
Image

Գիշերուայ ընթացքին յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով: Հակառակորդը աշխոյժութիւն դրսեւորած է յատկապէս հիւսիսային, հիւսիս-արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններով:

Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը իր օգտին փոփոխութեան ենթարկելու թշնամական ուժերու բոլոր փորձերը կասեցուած են ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ: Հակառակորդը ունի մարդկային ուժի եւ ռազմական սարքերու մեծաթիւ կորուստներ:

Առաւօտեան հակառակորդի կողմէ վերսկսած են հրետանիի կրակով ուղեկցուող հրաձգութիւնները, որոնք կը ճնշուին ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած համարժէք գործողութիւններու շնորհիւ: