Գիշերուայ ընթացքին հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերականօրէն կայուն-լարուած

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերականօրէն կայուն-լարուած: Դաշտային-մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է անփոփոխ: Ռազմաճակատի առանձին հատուածներուն մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւններ, հրետանային մենամարտեր, հակառակորդը հրթիռա-հրետանային հարուածներ հասցուցած է նաեւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ:
ՊԲ ստորաբաժանումները լիարժէքօրէն կը վերահսկեն մարտավարական իրադրութիւնը եւ պատրաստ են ցանկացած զարգացման: