Գիշերը սահմանին համեմատաբար հանգիստ անցած է․ Շուշան Ստեփանեան

ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը Ֆեյսպուքեան էջին գրած է․
«ԼՂ հակամարտութեան գօտիին վրայ մարտական գործողութիւններն անյապաղ դադրեցնելու վերաբերեալ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերէն ետք գիշերը սահմանին համեմատաբար հանգիստ անցած է։ Հետագայ սրացումներու պարագային ամբողջ պատասխանատւութիւնը պիտի կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»։