Գիշերը հրետակոծուած են Մարտունի, Հադրութ քաղաքներն ու 5 գիւղական համայնքներ

2020-10-16
Image

ԱՀ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ կրակի տակ պահել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, խախտելով միջազգային համաձայնութեան բոլոր դրոյթները։

15 Հոկտեմբերի լոյս 16-ի գիշերը, յատկապէս լուսադէմին, թշնամին հրետանիի կիրառմամբ ուժգին կրակ բացած է Մարտունի քաղաքի եւ Կ. Շուկայ բնակավայրի ուղղութեամբ, իսկ առաւօտեան` Բերդաշէն համայնքի ուղղութեամբ։

Հրետակոծուած են Հադրութի շրջանի Տող, Քաշաթաղի շրջանի Տիգրանաւան, Այգեհովիտ եւ Աղաւնօ բնակավայրերը։

Տուժածներու եւ վնասներու մասին տեղեկութիւնները կը ճշդուին։