Գանատայի Լաւալ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարած է, որ Գանատայի Լաւալ քաղաքը միաձայն ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Ինչպէս նշուած է Յանձնախումբի դիմատետրի էջին՝ ընդունուած բանաձեւին մէջ նշուած է, որ Լաւալ քաղաքը
Կը ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Կը դատապարատէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան՝ 27 սեպտեմբեր 2020-ին սկսած ռազմական յարձակումը Արցախի Հանրապետութեան դէմ:
Կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան եւ Քեպէգ նահանգի կառավարութեան, որպէսզի սատարեն Արցախի հակամարտութեան գծով միջազգային մարդասիրական օրէնքներու գործադրման, մասնաւորապէս՝ Ժընեւեան համաձայնութեան ուղղուած լիակատար յարգանքը ապահովելու համար:
Գանատայի կառավարութեան կ'առաջարկուի Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) հայերուն տրամադրել անջատուելու իրաւունք՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման ճանապարհով: