Բացայայտուած են նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի մասնակցութեամբ փողերու լուացման դէպքեր․ ԱԱԾ

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) Երեւանի նախկին քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի առնչութեամբ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման դէպք բացայայտած է, յարուցուած է քրէական գործ։
Ըստ ԱԱԾ-ին՝ 2009 թուականին, պաշտօնատար անձեր նախնական համաձայնութեան գալով, այդ ժամանակ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնը զբաղցնող Գագիկ Բեգլարեանի հետ, չարաշահելով պաշտօնէական դիրքը, նուիրատուութեան կարգով Երեւանի Կեդրոնը գտնուող համայնքապատկան անշարժ գոյքեր տրամադրած են երեք անձի եւ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ այդ գոյքը չնչին գումարներով օտարած են Բեգլարեանի մերձաւոր ազգականներուն կամ անոր հետ փոխկապակցուած անձերու: Հետեաւաբար էական վնաս հասած է համայնքի օրինական շահերուն, առաջացնելով ծանր հետեւանքներ, այն է՝ 235 միլիոն դրամի վնաս։
Իրաւապահներու փոխանցումով՝ Երեւանի քաղաքապետարանին պատկանող տարածքները նուիրաբերուած են Բեգլարեանի քաղաքապետ նշանակուելէն ընդամէնը երկու ամիս ետք։ Ընդհանուր առմամբ՝ շուրջ 400 քառակուսի մեթր տարածքները կը գտնուին Մաշտոց պողոտայի, Չարենցի եւ Վարդանանց փողոցներուն վրայ։
ԱԱԾ-ն պիտի ստուգէ նաեւ պաշտօնատար անձերու կողմէ նոյն ձեւաչափով համայնքապատկան այլ գոյքերու ապօրինի տիրանալու վարկածը։
Առանձնապէս խոշոր չափերով՝ աւելի քան 230 միլիոն դրամ արժողութեամբ համայնքապատկան գոյք, մասնաւորապէս՝ մանկապարտէզի շէնք յափշտակելու առթիւ յարուցուած մէկ այլ քրէական գործով, Հանրապետական կուսակցութեան նախկին անդամ՝ Գագիկ Բեգլարեան մեղադրեալի կարգավիճակ ունի այս տարուայ Մարտէն ի վեր։
Ըստ ԱԱԾ-ին՝ դատարանը որոշած է կալանաւորել Բեգլարեանը, սակայն ան լքած է երկիրը եւ այժմ հետախուզման մէջ է։ Նոր քրէական գործի մասին այսօրուայ հաղորդագրութենէն, Բեգլարեան անակնկալի եկած է, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է իր պաշտպան Հրանդ Անանեանը: Վերջինիս խօսքով իրենք այս գործին մասին չէին գիտեր։
Անանեան յայտնեց, որ Բեգլարեան դեռ արտասահման է ու բուժում կը ստանայ, իսկ թէ ե՞րբ կը վերադառնայ նախկին քաղաքապետը, փաստաբանը չի կրնար ըսել։