Ա. Քեարամեան ազատուած է ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնէն, նշանակուած է նոր ղեկավար

2020-10-08
Image

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Արգիշտի Քեարամեանը ազատուած է ԱԱԾ տնօրէնի պաշտօնէն։

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններու մասին» օրէնքի 4.1-ին յօդուածի 1-ին մասի.
Արգիշտի ՔԵԱՐԱՄԵԱՆԸ ազատել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն»,-նշուած է հրամանագրին մէջ։

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 139-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններուն մէջ ծառայութեան մասին» օրէնքի 23-րդ յօդուածի 1-ին եւ 3-րդ մասերուն.
 

Միքայէլ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆԸ նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պարտականութիւններու ժամանակաւոր կատարող»,-նշուած է նախագահի միւս հրամանագրին մէջ: