Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայն ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միջնորդութիւնը

2020-10-15
Image

Աւստրիոյ խորհրդարանը միաձայն ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով առաջարկ-միջնորդութիւնը, որ նախաձեռնած էին Ռեյնհոլտ Լոպատկան, Էվա Էռնստ Ձիձիչը եւ Փամելա Ռենտի-Վակները:

Աւստրիոյ «Հայ դատի» յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ միջնորդութիւնն ընդունուած է միաձայն՝ բոլոր խորհրդարանական խումբերու կողմէ: Միջնորդութեան հիմնական դրոյթները կը վերաբերին հրադադարին ուղղոսած Աւստրիոյ եւ ԵՄ-ի ջանքերուն, Թուրքիոյ միջամտութեան եւ զէնքի մատակարարման դատապարտման եւ Վիեննայի մէջ խաղաղ բանակցութիւններ կայացնելուն: