Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն տրուած է կրակի դադարի հրաման

2020-10-10
Image

Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներուն տրուած է կրակի դադարի հրաման։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։

«Ի պատասխան Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վ. Վ. Փութինի ուղերձին եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վ. Վ. Փութինի հետ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ. Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն. Վ. Փաշինեանի պայմանաւորուածութիւններուն՝ կողմերը համաձայնեցան հետագայ քայլերու շուրջ․

1. Կը յայտարարուի կրակի դադարեցման մասին 2020 թուականի 10 հոկտեմբերի ժամը 12: 00-էն սկսեալ՝ ռազմագերիներու եւ այլ պահուած անձանց ու զոհուածներու մարմիններու փոխանակման նպատակով՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ եւ չափորոշիչներուն համապատասխան:

2. Հրադադարի ռեժիմի յստակ չափորոշիչները կը յամաձայնեցուին լրացուցիչ։

3. Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ ձեռնամուխ կ'ըլլան էական (սուփսթենթիւ) բանակցութիւններու՝ խաղաղ կարգաւորման շուտափոյթ հասնելու նպատակով:

4. Կողմերը կը հաստատեն բանակցային գործընթացի ձեւաչափի անփոփոխութիւնը»,-նշուած է ՀՀ, ՌԴ, Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու երէկուայ հանդիպման արդիւնքներով տարածուած յայտարարութեան մէջ։