Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը կոչ կ'ընէ միջազգային հակաահաբեկչական նոր դաշինք ձեւաւորելու

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը կոչ ըրած է միջազգային հակաահաբեկչական նոր դաշինք ձեւաւորելու: Այս մասին ան գրառում կատարած է դիմատետրի իր էջին:
«Այսօր Արցախն ու Հայաստանը յայտնուած են միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջնագիծին՝ բառիս բուն իմաստով։ Սակայն մեր պարագային առանձնայատկութիւնն այն է, որ համաշխարհային քաղաքակրթութեան գոյութեան սպառնացող այս թշնամին մեր հայրենիքին դէմ դուրս եկած է արդէն ՄԱԿ անդամ պետութեան դրօշի տակ քօղարկուած, այդ պետութեան կանոնաւոր բանակի կազմին մէջ եւ շատ յաճախ այդ կանոնաւոր բանակի փոխարէն։
Ժամանակակից աշխարհին մէջ, երբ տառացիօրէն հնարաւոր չէ ոչինչ թաքցնել ոչ մէկէն, բոլորը իրենց աչքերով տեսած ու արձանագրած են համաշխարհային ճիհատիստական ահաբեկչական ցանցի ներթափանցումը Ատրպէյճան։ Աշխարհի մէջ որեւէ պետութեան համար արդէն գաղտնիք չէ, որ այդ հրեշաւոր ահաբեկչական ցանցի թիրախը Արցախի ու Հայաստանի խաղաղ բնակչութիւնն է, մեր քաղաքներն ու գիւղերը, ազատ ապրելու ու մեր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը»,-գրած է ան եւ նշած, որ այդ ցանցի շարունակական սնուցումն ու կառավարումը իրականացնող Թուրքիան այսօր Պաքուի պատեհապաշտ իշխանութիւններու համաձայնութեամբ կը ծառայեցնէ Ատրպէյճանը՝ որպէս գործիք՝ Հարաւային Կովկասի մէջ համաշխարհային ահաբեկչութեան նոր օճախ ստեղծելու համար։
«Համաշխարհային քաղաքական կեանքի իւրաքանչիւր պատասխանատու մասնակից, պետութիւն, թէ միջազգային կազմակերպութիւն, համոզուած եմ, յստակ կը գիտակցի այդօրինակ զարգացումներու վտանգաւոր հետեւանքները։ Բոլորիս յիշողութեան մէջ թարմ են ճիհատիստական աւազակախումբի կողմէ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ պետականակերպ միաւոր ստեղծելու ձգտումներու հետեւանքներու մասին յիշողութիւնները։ Աշխարհի բոլոր պետութիւնները ընելիք ունին Թուրքիոյ՝ Ատրպէյճանը Հարաւային Կովկասի ահաբեկչութեան որջ դարձնելու ծրագիրը ձախողցնելու համար։
Հայաստանն ու Արցախը այսօր պայքարի առաջնագիծին են, որովհետեւ արժանապատուօրէն ընդունած են մեզի նետուած մարտահրաւէրը։ Ու մենք պիտի պայքարինք մինչեւ վերջնական յաղթանակ։ Սակայն սա միայն Արցախի եւ Հայաստանի խնդիրը չէ։
Որպէս իր անկախութեան համար պայքար մղող պետութեան նախագահ՝ կոչ կ'ընեմ քաղաքակիրթ աշխարհին աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալու այս պայքարին մէջ։ Համաշխարհային հակաահաբեկչական գործուն ու արդիւնաւէտ դաշինքի ստեղծումը օրուայ հրամայականն է:
Վստահ եմ՝ յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ»,- նշած է ԱՀ նախագահը։