Արցախի նախագահը վերադարձած է առաջնագիծէն. ամենուրէք առկայ է ոգեւորութիւն, խնդիրը փայլուն կը կատարուի (Լուսանկարներ)

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը վերադարձած է առաջնագիծէն, դիմատետրի էջին լուսանկարներ հրապարակած է եւ գրառում կատարած է․
Սիրելի ՛ հայրենակիցներ,
Քիչ առաջ վերադարձայ առաջնագիծէն: Եղեր եմ տարբեր հատուածներու մէջ. ամենուրէք առկայ է ոգեւորութիւն, սխրանք, հերոսութիւն: Մեր յաղթանակը անկասելի է, քանի որ մեր պաշտպաններուն ցուցադրած վարքը հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժի եւ յարատեւութեան բացառիկ դրսեւորում է:
Կ'ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Պաշտպանութեան բանակին եւ անոր հրամանատարական կազմին՝ իրենց առջեւ դրուած խնդիրը փայլուն կատարելու համար: