Արցախի մէջ 20-ամեայ զինծառայող մահացած է

19 Մայիսին, ժամը 20:32-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Հենրիկ Սամսոնի Արամեանը։ Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն: