Արցախի մէջ հակառակորդը ներթափանցման փորձ կատարած է ու ետ մղուած. ՊԲ-ն կորուստներ չունի

22 Մայիսին ՊԲ զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է ներթափանցման փորձ, կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու առաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած՝ ելման դիրքեր: Ծաւալած փոխհրաձգութեան ժամանակ ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ կ'ընէ ատրպէյճանական կողմին ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը արհեստականօրէն լարելու անհեռանկար մարտավարութենէն:
Հակառակ պարագային՝ առաջնագիծին ստեղծուած լարուածութեան ողջ պատասխանատւութիւնը կ'իյնայ ատրպէյճանական կողմի վրայ: