Արցախի մէջ եւս 54 հայ զինծառայող զոհուած Է

Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծին վրայ հակառակորդին ծաւալած գործողութիւններուն հետեւանքով՝ հայկական կողմէն զոհուած է ՊԲ եւս 54 զինծառայող: Այս մասին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ըսաւ ԱՀ ՊԲ հրամանատարի տեղակալ Արթուր Սարգսեան:
«Ցաւօք սրտի հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուող մարտերուն ընթացքին իր կեանքը զոհաբերած է ՊԲ 54 մարտիկ: Վիրաւորներուն թիւը կը ճշտուի տակաւին»,- նշեց Սարգսեան:
Ան յայտնեց, որ հակառակորդը շարունակած է գրոհել ՊԲ մարտակարգերը՝ կիրառելով ինքնաթիռներ, ուղղաթիռներ, հրթիռահրետանային ողջ զինանոցը, օգտագործելով նաեւ զրահաթանկային ստորաբաժանումներ եւ յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներ:
Անոր խօսքով, կիրառուած սպառազինութիւնը, ռազմական սարքեէը եւ անձնակազմի քանակը աննախադէպ եղած է յատկապէս հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով: