Արցախի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման եւս 7 դէպք, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 268-ի

2020-08-20
Image

ԱՀ առողջապահութեան նախարարութեան տրամադրած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Արցախի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրային վարակը (COVID-19) հաստատուած է եւս 7 քաղաքացիի մօտ: Վարակակիրներէն 5-ը` Ստեփանակերտ քաղաքէն են, նախորդ օրը հաստատուած օճախի հետ շփման մէջ եղողներ: 2 դէպք յայտնաբերուած է Մարտակերտ քաղաքի բնակիչներու մօտ, միեւնոյն ընտանիքի անդամներ են, որոնք վերադարձած են ՀՀ-էն:

Առայսօր նոր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը հաստատուած է 268 մարդու մօտ, որմէ 248-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը:

Փաստացի բուժում կը ստանայ 18, ընդհանուր մեկուսացուած է 31 քաղաքացի: Բժիշկները 2 հիւանդի առողջական վիճակը կը գնահատեն ծանր, 2-ինը՝ միջին ծանրութեան:

Քննութիւններու նպատակով 149 նմուշառում իրականացուած է:

Մինչ այսօր կատարուած է 8522 փորձանմուշի հետազօտութիւն: