Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի 3 նոր դէպք հաստատուած է

2020-07-27
Image

Արցախի Հանրապետութեան մէջ 27 յուլիսի դրութեամբ՝ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 3 նոր դէպք: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը, յղում ընելով երկրի Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն:

Վարակակիրներէն 2-ը Ստեփանակերտ քաղաքէն են՝ նախապէս հաստատուած օճախներու հետ շփում ունեցողներ, 1-ն ալ Ասկերանի շրջանի Այգեստան համայնքէն: 

Արցախի մէջ գրանցուած է «Քորոնա» ժահրէն առողջացման 5 նոր դէպք: «Քորոնա» ժահրով հիւանդ 9 քաղաքացիի առողջական վիճակը կը գնահատուի ծանր, 10-ինը՝ միջին ծանրութեան:

Արցախի մէջ COVID-19-ը ընդհանուր առմամբ ախտորոշուած է 215 մարդու մօտ, որմէ 153-ը յաղթահարած է հիւանդութիւնը: Փաստացի բուժում կը ստանայ 61, ընդհանուր մեկուսացուած է 128 քաղաքացի: Մինչ այսօր իրականացուած է 4 774 փորձանմուշի հետազօտութիւն: 

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահուան դէպք չէ արձանագրուած: Արձանագրուած է մահուան մէկ դէպք, երբ քաղաքացիին մօտ ախտորոշուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն, սակայն մահը վրայ հասած է այլ պատճառով: