Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրի եւս 4 դէպք գրանցուած է. Արցախ տեղեկատուական շտապ

Արցախի մէջ նախօրէին քննուած 41 քաղաքացիէն 37-ի COVID-19 քննութեան պատախանը բացասական է, իսկ 4-ինը՝ դրական, այսինքն՝ անոնց մօտ հաստատուած է COVID-19 նոր «Քորոնա» ժահր: Այս մասին 10 մայիսին, տեղեկացուցած է Արցախ տեղեկատուական շտապը։
Նոր «Քորոնա» ժահրային վարակով հաստատուած 4 քաղաքացիները 7 մայիսին Նոր Վերինշէն համայնքին շէջ գրանցուած վարակակրի շրջանակէն են՝ Շահումեանի շրջանի Նոր Բրաջուր համայնքէն: Վերոնշեալ 4 քաղաքացիէն երկուքը կը գտնուէին Շուշի քաղաքի մէջ մեկուսացման համար նախատեսուած հիւրանոցը, իսկ երկուքը՝ Նոր Բրաջուր համայնքին մէջ ինքնամեկուսացուած էին:
Յիշեցնենք, որ ԱՀ Պարէտի որոշման համաձայն՝ 7 մայիսին Նոր Վերինշէն համայնքին եւ Քնարաւան համայնքի Չափնի գիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ 8 մայիսին Նոր Բրաջուր համայնքին մէջ մտցուած են ազատ տեղաշարժի իրաւունքի նկատմամբ սահմանափակումներ: