Արցախը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի մաս. Արայիկ Յարութիւնեան

«9 Հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը հակառակորդը բազմիցս խախտած է: Մենք կ'ակնկալենք քաղաքակիրթ աշխարհի օժանդակութիւնը տարածաշրջան միջազգային ահաբեկչութեան թափանցելու դէմ, եւ՝ ոչ միայն կոչերով»,- մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:
Ան յիշեցուցած է, որ Արցախի ազատագրական պայքարի դէմ կը կռուին միջազգային ահաբեկիչները: «Սմերչ», «Պոլոնեզ» ԱԹՍ. Ատրպէյճանը խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ այդպիսի զինատեսակներ կ'օգտագործէ: «Ստեփանակերտի մէջ չկայ տեղ, ուր քանի մը անգամ պայթած չըլլան այդ արկերը,-նշած է Արցախի նախագահը եւ աւելցուցած, որ Ատրպէյճանի կողմէ կ'ոտնահարուին համամարդկային արժէքները, կ'ընթանայ բնակչութեան բնաջնջման գործընթաց:
«Այսքանէն ետք կ'առաջարկեն Արցախի բնակչութեան իրենց կողմէ առաջադրուած պայմաններ»,-ըսած է ան՝ նշելով, որ Արցախը Հայաստանի եւ Սփիւռքի օժանդակութեամբ կ'իրականացնէ իր ինքապաշտպանութեան իրաւունքը:
«Արցախը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի մաս»,-ընդգծած է Ա. Յարութիւնեանը:
Ան յայտնած է, որ եթէ Ատրպէյճանը առաջիկայ մէկ -երկու օրերուն չպահպանէ հրադադարի պահանջները, Արցախը պիտի դիմէ Հայաստանի իշխանութիւններուն, միջագային հանրութեան եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն՝ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու համար:
Յարութիւնեանը նշած է, որ առաւօտէն իրադրութիւնը համեմատաբար հանգիստ է, առաջնագիծին շատ փոքր հրաձգութիւններ են, կը կիրառուի սովորական հրետանի. մինչդեռ երէկ հրադադար չէ եղած: