Արցախը պէտք է դառնայ համաշխարհային արդարութեան խորհրդանիշ. Փաշինեան

2020-10-11
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆեյսպուքեան գրառում կատարած է.

«Այս օրերուն աշխարհի հայութիւնը ցոյց կու տայ համախմբուածութեան ուժը։ Այս շարժումը պէտք է գրաւիչ դարձնել նաեւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներու համար՝ որոնք դէմ են բռնութեան, փտածութեան, ահաբեկչութեան եւ կը ձգտին արդարութեան, ազատութեան եւ սիրոյ յաղթանակին։

Արցախը պէտք է դառնայ համաշխարհային արդարութեան խորհրդանիշ։

Աշխարհը պէտք է ճանչնայ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը։ Եթէ այդ չեն ըներ կառավարութիւններն ու խորհրդարանները, այդ կրնան ընել ժողովուրդները, անհատները, կազմակերպութիւնները:

Սա պէտք է դառնայ այդպիսի անհատներուն, ժողովուրդներուն, կազմակերպութիւններուն միաւորող համաշխարհային շարժում»,-նշած է ան։