Արցախէն օժանդակութիւններ՝ վիրաւոր Լիբանանին

2020-08-10
Image

Արցախէն մարդասիրական օգնութեամբ օդանաւ ուղարկուած է Լիբանան: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ կառավարութեան ֆէյսպուքեան էջէն:

«Արցախի ժողովուրդէն Լիբանանին. եւս մէկ օդանաւ մեկնեցաւ Պէյրութ»,- նշուած է հրապարակուած լուսանկարներուն կից:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւս այդ մասին իր էջին վրայ գրառում կատարուած է։

«Օգնութիւնը ուղարկուած է Հայաստանի սրտէն եւ Արցախի ժողովուրդէն: 2 օդանաւ արդէն ուղարկուած է Լիբանան՝ տանելով մարդասիրական առաջին անհրաժեշտութեան օգնութիւն: Այսքանով, սակայն, մեր աջակցութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան եւ հայ համայնքին չ՝աւարտիր»,- գրած է վարչապետը եւ խաղաղութիւն մաղթած եղբայրական Լիբանանին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, իր հերթին, յայտնած է, որ «Արցախի ժողովուրդէն Լիբանանին» յատուկ չուերթով մարդասիրական օգնութիւն տանող օդանաւը հասած է Պէյրութ: Աջակցութիւնը պարենամթերքի տեսքով է, նախաձեռնութեան հեղինակը՝ Արցախի կառավարութիւնը: «Եւ ասիկա դեռ ամէնը չէ, որովհետեւ վաղը այս թեմային շուրջ աշխատանքային նիստ պիտի հրաւիրեմ, իսկ որոշումներուն մասին ձեզի, անշուշտ, պիտի տեղեկացնեմ: Այս ծանր փորձութիւնը յաղթահարելու ճանապարհին Արցախը Լիբանանի հետ է»,-  ֆէյսպուքի իր էջին գրած է Յարութիւնեան: