Արտակարգ դրութիւնը ջնջուեցաւ. Պատրաստ է «Քարանթին»ի համար նախատեսուած օրէնսդրական փաթեթը

2020-09-04
Image

Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական փաթեթը, որմով արտակարգ դրութիւնը այլեւս չ'երկարաձգուիր եւ գործադիրին քարանթին սահմանելու հնարաւորութիւն կը տրուի: «Արմէնբրէս»-ի փոխանցումով՝ նախագիծը ընդունուեցաւ 70 «կողմ» եւ 19 «դէմ» ձայներով:

Քուէարկութենէն առաջ «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբացկութիւնները յայտնած էին, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն օրինագիծերու փաթեթին:

Ըստ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին՝ վարակիչ հիւանդութիւններու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներբեռնման, ներթափանցման, անոնց ծագման եւ տարածման վտանգի, բռնկումներու, համաճարակի առաջացման, ինչպէս նաեւ անոնց հետեւանքով արտակարգ իրավիճակ առաջանալու պարագային, կրնայ սահմանուիլ քարանթին: Քարանթին հնարաւոր է սահմանել առողջապահութեան բնագավառէն ներս պետական կառավարման լիազօր մարմնի առաջարկութեամբ, մարզպետի կամ Երեւանի քաղաքապետի կողմէ եւ կառավարութեան կողմէ տարբեր տարածքներու մէջ: Համաճարակի գօտիէն ներս, մուտքի եւ ելքի յատուկ ռեժիմի սահմանում, պետական սահմանով հաղորդակցութեան ժամանակաւոր դադրեցում կամ սահմանափակում, անձերու ազատ տեղաշարժի իրաւունքի կամ փոխադրական միջոցի տեղաշարժի սահմանափակումներ եւ ինքնամեկուսացում/մեկուսացում:

Այն պարագաներուն, երբ քարանթին կը սահմանուի կառավարութեան կողմէ, հնարաւոր է որ ըլլայ նաեւ աւելի խիստ միջոցառումներ՝ հաւաքներ կամ հանրային միջոցառումներ կազմակերպելու, կատարելու կամ անոնց մասնակցելու սահմանափակումներ, իրաւաբանական անձերու գործունէութեան առողջապահական համաճարակային անվտանգութեան կանոններու սահմանում, ապրանքներու փոխադրման սահմանափակումներ, կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան սահմանափակումներ, սահմանափակումներ ՏԻՄ-երու (Տեղական ինքնակառավարման մարմիններ) կամ այլ հաստատութիւններու մէջ: Արտակարգ դրութիւնը նոր ռեժիմէն կը տարբերի իրաւունքներու սահմանափակման ծաւալներով, խստութեամբ եւ կիրառուող գործիքակազմով: Այլեւս չեն գործեր ելեկտրոնային հսկողութեան համակարգի միջոցով մարդոց տեղորոշելու համակարգը եւ տնտեսական գործունէութեան արգիլման դէպքերը:

Հայաստանի մէջ 16 մարտին յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը 11 սեպտեմբերին այլեւս չ'երկարաձգուիր, իսկ անոր աւարտէն ետք կը սկսին գործել նախագիծերով առաջարկուող միջոցառումները: