Արտակարգ դրութիւնը չերկարաձգելու տարբերակ չկայ, այն պիտի շարունակուի. Փաշինեան

Հայաստանը արտակարգ դրութեան ռեժիմը չերկարաձգելու տարբերակ չունի, սակայն սահմանափակումները պիտի ըլլան աւելի մեղմ: Այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Երեւանի մէջ շրջելու ընթացքին՝ պատասխանելով քաղաքացիներէն մէկուն հարցին:
«Արտակարգ դրութիւնը չշարունակելու տարբերակ չունինք մենք ուղղակի: Բայց սահմանափակումներու ռեժիմը ուրիշ ձեւ կ'ըլլայ, աւելի մեղմ կ'ըլլայ»,-ըսած է Փաշինեանը:
Վարչապետը նաեւ նշած է, որ մտադիր են արգիլել առանց դիմակի փողոց դուրս գալը: