Արշաւիր Ղարամեանն Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն ազատուելու դիմում գրած է

2020-05-13
Image

Յարգելի հայրենակիցներ, կ'ուզեմ տեղեկացնել, որ ԱՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնէն ազատման դիմում ներկայացուցած են, որ, ի հարկէ, չի նշանակեր, որ ես ինձ «կ'ազատեմ» Արցախի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ ունեցած անձնական պատասխանատւութենէն: Այս մասին ֆեյսպուքեան էջին գրած է Արշաւիր Ղարամեան։

«Ողջ կեանքս նուիրած եմ մեր հայրենիքի ազգային ազատագրական պայքարին, բոլոր հնարաւորութիւններս օգտագործեր եմ՝ մեր ընդհանուր անվտանգութեան ապահովման գործին իմ համեստ չափաբաժինն ունենալու հարցով: Կը հաւաստիացնեմ, որ, անկախ պաշտօնէն, կարգավիճակէն՝ պիտի շարունակեմ իմ առաքելութիւնը: Քանի մը անգամ տարբեր առիթներով ըսեր եմ, որ ոչինչ կը խանգարէ մարդուն օգտակար ըլլալ իր հայրենիքին՝ անկախ անկէ, թէ որքան հնարաւորութիւններ ունի ան, որ ոլորտի մէջ կրնայ օգտակար ըլլալ, կամ ինչ կարգավիճակ ունի: Ես ապրեր եմ ու կ'ապրիմ այդ սկզբունքով: Մենք դեռ շատ ընելիքներ ունինք՝ մեր պայքարն իր վերջնակէտին հասցնելու եւ մեր յաղթանակները սերունդներուն փոխանցելու համար: Ես եւ իմ ընկերները այդ մեր կեանքի առաքելութիւնը կը համարենք, ապրեր ենք եւ պիտի ապրինք այդ համոզմամբ, գործեր ենք եւ պիտի գործենք այդ տրամաբանութեամբ»,– գրած է ան: