Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Սամուէլ Պապայեանի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր

2020-05-25
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 25 մայիսին իր գլխաւորած «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքի անունով համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած է «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Սամուէլ Բաբայեանի հետ:

Նախագահ Յարութիւնեանը նշած է, որ քաղաքական ուժերու միջեւ համագործակցութիւնը միտուած է երկրի մէջ համերաշխութեան մթնոլորտի պահպանման եւ ծրագրային դրոյթներու շուրջ համատեղ ջանքերու գործադրման:

Արայիկ Յարութիւնեանը նշած է նաեւ, որ ձեւաւորուած օրակարգի շրջածիրէն ներս «Ազատ հայրենիք - ՔՄԴ» կուսակցութիւններու դաշինքը պատրաստ է համագործակցելու խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական այլ ուժերու հետ:

Իր խօսքին մէջ՝ Սամուէլ Բաբաեան եւս կարեւորած է համատեղ փոխգործակցութեան գաղափարը, ընդգծելով, որ այն յատկապէս պահանջուած է հայրենիքի առաջ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն արդիւնաւէտ դիմակայելու համար: