Արայիկ Յարութիւնեանը երդմամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը

Արայիկ Յարութիւնեանը երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: Միջոցոռւմը տեղի ունեցաւ Շուշիի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ կայացած ԱԺ հատուկ նիստի ժամանակ՝ Սահմանադրութեամբ սահմանուած կարգով:
Նախագահի երդման համար դահլիճ բերուեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը, Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար երդման իր խօսքին մէջ Յարութիւնեանը, մասնաւորապէս ըսաւ. «Ստանձնելով ԱՀ նախագահի պաշտօնը՝ կ'երդուիմ. անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները` յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդին»:
Պաշտօնի ստանձնման եւ երդման արարողութեան ներկայ եղան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, Արցախի երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանը, երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Գերաշնորհ Սրբազան հայրը: ԱԺ յատուկ նիստին մասնակցեցան ԱՀ ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամները, Գերագոյն դատարանի նախագահն ու Վերաքննիչ եւ Առաջին ատեանի դատարանի նախագահները, Պաշտպանութեան բանակաի բարձրագոյն սպայակազմը, ԿԸՅ-ի անդամները, Հայաստանի եւ Արցախի կուսակցութեան ներկայացուցիչներ եւ այլք:
Օրհնանքի իր խօսքը ըրաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, շնորհաւորեց նաեւ Սուրբ համբարձման տօնի առիթով:
15 Ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքներով նախագահ ընտրուած էր «Ազատ հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը: Երկրորդ փուլին անոր հետ կը մրցակցէր ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանը: Իսկ առաջին փուլի քուէարկութիւնը կայացած էր 31 մարտին։
Յարութիւնեանը երկրի ղեկավարի պաշտօնին փոխարինեց Բակօ Սահակեանին: