Ատրպէյճան ունի բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ․ Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատած է Անճէյ Քասփրչիկի հետ

2020-07-16
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան կապ հաստատած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիկի հետ: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:

«Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուցած է ժամը 03:40-էն ՀՀ պետական սահմանին ստեղծուած իրավիճակը, նշած, որ ատրպէյճանական կողմը ունի բազմաթիւ վիրաւորներ եւ զոհեր:

Պաշտպանութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ սահմաններու նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի ոտնձգութիւնները բոլոր առկայ ուժերով եւ միջոցներով կը տապալին»,- գրած է Ստեփանեան:

Գիշերը ժամը մօտ 03:40-ին ՀՀ ԶՈՒ դիրքապահները նկատած են հակառակորդի շարժ: Անցնելով շրջանաձեւ պաշտպանութեան, հայկական ստորաբաժանումները կանխած են հակառակորդին ներթափանցման փորձը: Թէժ մարտէն ետք հակառակորդը, կորուստներ կրելով, ետ շպրտուած է: Այնուհետեւ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները ժամը 05:20-ին սկսած են հրետակոծել Այգեպար եւ Մովսէս գիւղերը` կիրառելով ականանետ եւ Տ-30 հաուբից: