Ատրպէյճան լայնածաւալ գործողութիւններ սկսաւ ամբողջ սահմանին. Վահրամ Պօղոսեան

Ատրպէյճանը կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել կոպտօրէն խախտել մարդասիրական կրակամարը եւ վաղ առաւօտէն կրկին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած է առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով: Հրետանային զինատեսակներէն կը գնդակոծուին նաեւ խաղաղ բնակավայրերը:
Բանակային ստորաբաժանումներու հետ բուռն պատերազմական գործողութիւններուն ազրպէյճանական կողմէն կը մասնակցին քանի մը հազար վարձկան-ահաբեկիչներ: Պաշտպանութեան բանակը ծանր մարտեր կը մղէ` փորձելով կասեցնել թշնամիին նախայարձակ գործողութիւնները: Պէտք է գործադրել բոլոր ջանքերը մինչեւ ատամները զինուած թշնամիին մեծ կորուստներ պատճառելու եւ հայրենական այս պատերազմին յաղթանակ ապահովելու համար: Այս մասին իր դիմատետրի էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեանը: