Ատրպէյճանցի զինուորներու դիակներու գրպաններուն մէջ եղած են ներարկիչներ. ռազմական յանցագործութիւններու փաստեր

2020-10-01
Image

Ատրպէյճանի այն զինուորները, որոնց դիակները յայտնուած են Արցախի տարածք, բոլորին գրպաններուն մէջ յայտնաբերուած են ներարկիչներ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Վահրամ Պօղոսեանը: «Այս ամէնը միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ ամբողջութեամբ ռազմական յանցագործութիւն է: Սա կը փաստէ այն մասին, որ Ատրպէյճանը իր զինուորները պատերազմի կ'ուղարկէ արդէն թմրեցուած վիճակի մէջ»,- նշած է Պօղոսեանը:

ՀՀ ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին նկատած է՝ պատերազմական յանցագործութեան փաստերը երթալով կ'աւելնան: