Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Մարտունիի մէջ մէկ կին եւ մէկ երեխայ զոհուած են

Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ մէկ կին եւ մէկ երեխայ զոհուած են: Այս մասին ֆեյսպուքի իր էջին գրած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը:
«Ատրպէյճանական հրետակոծութիւններու հետեւանքով քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան զոհեր ու վիրաւորներ:
Մարտունիի շրջանին մէջ երկու անձ զոհուած է՝ մէկ կին ու մէկ երեխայ, կայ երկու վիրաւոր: Մնացած բնակավայրերուն մասով տուեալները կը ճշդուին:
Հրետակոծած են նաեւ դպրոցներ, ներառեալ՝ Ստեփանակերտի մէջ:
Քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու մեծամաշտապ վնասներ կան բազմաթիւ բնակավայրերու մէջ», - գրած է ան: