Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումը Արցախի բնակավայրերու ուղղութեամբ յանգեցուցած է քաղաքացիական զոհերու ու վնասներու. Արցախի ՄԻՊ

2020-09-27
Image

27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանը լայնածաւալ օդային ու հրթիռահրետանային յարձակում սկսած է շփման գիծի ողջ երկայնքով՝ թիրախաւորելով նաեւ բազմաթիւ քաղաքացիական բնակավայրեր ու ենթակառուցուածքներ, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Առկայ են նաեւ քաղաքացիական զոհեր ու վնասներ, կը յայտնէ Արցախի ՄԻՊ Արտակ Բեգլարեանը:

«Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանը խիստ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերու կոպտագոյն ոտնահարումը:

Պաշտպանը կոչ կ'ընէ միջազգային հանրութեան համապատասխան գնահատական տալու ատրպէյճանական գործողութիւններուն, այն ալ՝ ՔՈՎԻՏ-19 համավարակի պայմաններուն, եւ միջոցներ ձեռք առնելու Արցախի Հանրապետութեան հազարաւոր բնակիչներու կեանքին ու անվտանգութեան սպառնացող վտանգներու չէզոքացման ուղղութեամբ», -ըսուած է ՄԻՊ յայտարարութեան մէջ: