Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակած են ՀՀ ԶՈՒ Վարդենիսի զօրամասի, ինչպէս նաեւ օդուժ կիրառած են դիրքերու ուղղութեամբ. ՊՆ խօսնակ

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կրակած են ՀՀ ԶՈՒ Վարդենիսի զօրամասի, ինչպէս նաեւ օդուժ կիրառած են դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին գրած է ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը:
Ան, մասնաւորախպէս, նշած է. «Հակառակորդի այս գործողութեան նախորդած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ապատեղեկատւութիւնը, թէ, իբր, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը Վարդենիսի շրջանէն հրթիռակոծած են Ատրպէյճանի Տաշքեսանի շրջանը։ Այսպիսով, փաստօրէն, հակառակորդը փորձած է հող նախապատրաստել հիմնաւորելու համար իր հետագայ գործողութիւնները։
Սպասեք կոշտ պատասխանի»: