Ատրպէյճանը չի կրնար ստիպել մեզ չհիմնաւորուած եւ միակողմանի զիջումներու երթալ . Նիկոլ Փաշինեան

2020-07-17
Image

Ինչպէս գիտէք, Ատրպէյճանը, անտեսելով համավարակի պայմաններուն մէջ զինուած բախումներու դադրեցման բազմաթիւ կոչերը, անոնց կարգին՝ 14 ապրիլի Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի համատեղ յայտարարությունը եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի 23 մարտի յայտարարութիւնը, սանձազերծեց ռազմական գործողութիւններ Հայաստանի սահմանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ: Հայաստանի զինուած ուժերը չէին կրնար չպատասխանել Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն: Այս մասին, այսօր՝ 17 յուլիսին Պելառուսիոյ մէջ ընթացող Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստի ժամանակ իր ելոյթին մէջ նշած է ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ցաւօք, սադրանքները կը շարունակուին առ այսօր` նպաստելով լարուածութեան պահպանման եւ իրավիճակի անկախատեսելիութեան:

Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է տարածաշրջանի լարուածութեան սրման, ոչ մէկ տեղ կը տանի: Ան չի կրնար կոտրել մեր ժողովուրդի վճռականութիւնը եւ ստիպել մեզ չհիմնաւորուած եւ միակողմանի զիջումներու երթալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով: Հակամարտութեան ուժային լուծում գոյութիւն չունի, եւ խաղաղ բանակցութիւնները չունին այլընտրանք, ինչ որ կը համապատասխանէ մեր տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու շահերուն»,- ընդգծած է Փաշինեան: