Ատրպէյճանը կը շարունակէ հրթիռահրետակոծել Ստեփանակերտը, Հատրութը, Մարտունին եւ Արցախի այլ բնակավայրերը. ՊԲ

Պաշտպանութեան Բանակը յայտնած է, որ չնայած պաշտպանութեան բանակը կը հետեւի Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած մարդասիրական հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւններուն եւ կրակ չի վարեր՝ ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ հրթիռահրետակոծութեան տակ պահել Ստեփանակերտը, Հատրութը, Մարտունին եւ Արցախի Հանրապետութեան այլ բնակավայրերը:
«Ատրպէյճանական կողմը միեւնոյն ժամանակ ստայօդ տեղեկութիւններ կը տարածէ այն մասին, թէ իբր ՊԲ ստորաբաժանումները թիրախաւորածեն Կեանճա քաղաքը: Յիշեալ պնդումները բացարձակ սուտ են եւ իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունին»,-նշուած է ՊԲ-ի ֆեյսպուքեան գրառման մէջ: