Ատրպէյճանը իր գիւղերուն մէջ կը թիրաւորէ իր բնակչութիւնը, ունինք ապացոյցներ. Արծրուն Յովհաննիսեան

2020-07-15
Image

Ատրպէյճանը իր գիւղերուն մէջ կը թիրաւորէ իր բնակչութիւնը: Այս մասին 14 յուլիսին, Իջեւանի մէջ ամփոփումի ժամանակ ըսած էր Արծրուն Յովհաննիսեանը։

Իջեւանի լրատուական ճգնաժամային կեդրոնի պատասխանատու Արծրուն Յովհաննիսեանը հրապարակած է լուսանկար, ուր կ'երեւի` ինչպէս ատրպէյճանական զինուժը ռազմական սարքեր կը տեղակայէ բնակելի տուներու մերձակայքը` թիրախաւորելով խաղաղ բնակչութիւնը:

Աւելի վաղ Իջեւանի մէջ ամփոփումի ժամանակ Արծրուն Յովհաննիսեանը ըսած էր. «Ես ամփոփումէն (պրիֆինկէն) ետք քովս եղած տեղեկութիւնները պիտի փոխանցեմ ձեզի, թէ ինչպէս տուներու մերձակայքը կը թիրախաւորեն ռազմական սարքեր` թիրախաւորելով խաղաղ բնակչութիւնը: Այս պահին ունինք համապատասխան ապացոյցներ»: