Ատրպէյճանը թիրախաւորած է Հայաստանի տարածքը՝ Քարվաճառի մօտ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող մարտական սարքը. ՊՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկած է շտապ հաղորդագրութեամբ՝ նշելով, որ այսօր՝ 14 հոկտեմբերին ատրպէյճանական զինուժը թիրախաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ, Քարվաճառի հետ սահմանակից գօտիին վրայ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող մարտական սարքը՝ ընդամէնը ենթադրութիւններու հիման վրայ, թէ, իբր, այդ սարքը պատրաստ եղած է հարուածելու Ատրպէյճանի խաղաղ բնակավայրերը։
«Աւելորդ է նշել, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան այդ պնդումը չի կրնար որեւէ հիմնաւորում ունենալ։ Փաստացի, այդ երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը իրեն թոյլ կու տայ թիրախաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ գտնուող եւ բնականոն մարտական հերթապահութիւն իրականացնող մարտական սարքը՝ ընդամէնը ենթադրութիւններու հիման վրայ։
Վերահաստատելով, որ մինչեւ այս պահը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն որեւէ հրթիռ, արկ կամ գնդակ չէ արձակուած Ատրպէյճանի ուղղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարենք, որ այսուհետ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը իրենց իրաւունք կը վերապահեն նոյն տրամաբանութեամբ թիրախաւորելու Ատրպէյճրանի տարածքին մէջ գտնուող որեւէ ռազմական կառոյց կամ ռազմական տեղաշարժ։
Մարտական գործողութիւններու գօտին եւ տրամաբանութիւնը փոխելու գործընթացի ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։
Բարեբախտաբար, զոհեր եւ վիրաւորներ չկան»,-ըսուած է ՊՆ յայտարարութեան մէջ: