Ատրպէյճանը դարձեալ թիրախաւորած է բնակավայրեր. Գիշերը Մարտակերտի մէջ բնակարան մը այրած է

2020-10-13
Image

Ատրպէյճանը Հոկտեմբեր 12-ի լոյս 13-ին շարունակած է թիրախաւորել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը՝ Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ։ Այս մասին դիամտետրի իր էջին գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:

«Գիշերը անհանգիստ եղած է Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ քաղաքներուն մէջ։ Ատրպէյճանը շարունակած է ռմբակոծել Արցախի բնակավայրերը` խախտելով մարդասիրական նպատակով 10 Հոկտեմբերին յայտարարուած հրադադարի պահպանումը։ Գիշերը թիրախաւորուած են քաղաքացիական վայրեր։ Մարտակերտի մէջ այրած է բնակարան մը»,- նշած է Պօղոսեան եւ յայտնած, որ զոհեր ու վիրաւորներ չկան։