Ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը լիարժէք պատասխանատւութիւն պիտի կրէ պատերազմի այս յանցագործութեան համար. ՀՀ ԱԳՆ

Ատրպէյճանը Թուրքիոյ հետ համատեղ եւ Մերձաւոր Արեւելքէն փոխադրուած օտարերկրեայ վարձկաններու զանգուածային ներգրաւմամբ կը շարունակէ լայնամաշտապ պատերազմական գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան դէմ։ Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը։
Հեռահար հրթիռներու եւ օդուժի կիրառմամբ հարուածներ կը հասցուին Ստեփանակերտ եւ Մարտակերտ քաղաքներուն:
Ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու միտումնաւոր թիրախաւորումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է, եւ այն լիարժէք պատասխանատւութիւն պիտի կրէ պատերազմի այս յանցագործութեան համար: