Ատրպէյճանական ուժերը մեծաթիւ խումբերով կը կուտակուին արացախա-իրանական սահմանի երկայնքով. ՀՀ ՊՆ

2020-10-07
Image

ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն իր ֆեյսպուքեան էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է․

«Շատ կարեւոր

Ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, չունենալով արդիւնաւէտ յարձակողական գործողութիւններ վարելու բաւարար կարողութիւններ, արդէն երկրորդ օրն է, սկսած են դիմել ակնյայտ սադրանքներու: Մասնաւորապէս, արցախա-ատրպէյճանական ռազմական գործողութիւններու հարաւային ուղղութիւնուն մէջ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները մեծաթիւ խումբերով կը կուտակուին անմիջապէս արցախա-իրանական սահմանի երկայնքով (Արաքս գետի երկայնքով) եւ փաստացիօրէն պատսպարուելով այդ սահմանով, կը փորձեն առաջ շարժիլ: Այդ մարտավարութեամբ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ հրահրել արցախեան կողմին կրակ բանալ կամ հարուածներ հասցնել սահմանի երկայնքով՝ փաստացի Իրանի ուղղութեամբ: Չի բացառուիր նաեւ, որ մարտական գործողութիւններու հետեւանքով ատրպէյճանական ստորաբաժանումները, այլընտրանք չունենալով, նահանջեն կամ փախին իրանական տարածք: Այս ամէնէն խուսափելու համար, կը կարծենք, իրանական կողմը, որ անշուշտ կը տեսնէ այդ ամէնը, պէտք է կանխէ կամ պարտադրէ ձեռնպահ մնալ այդպիսի կուտակումներէ»:

«Երեք զօրախումբ, հասկցողը լաւ գիտէ ինչ է այդ։ Փառք հայոց բանակին»,-աւելի վաղ գրած էր ան։