Առաւօտեան սահմանի բոլոր ուղղութիւններով հակառակորդը վերսկսած է հրթիռահրետանային ուժգին կրակով գործողութիւններ. ՊԲ

2020-10-13
Image

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ յարաբերական կայուն լարուածութիւնը մնացած է անփոփոխ:

Առաւօտեան հարաւային, հիւսիսային, հիւսիս-արեւելեան եւ արեւելեան ուղղութիւններով հակառակորդը վերսկսած է հրթիռահրետանային ուժգին կրակով ուղեկցուող գործողութիւններ: Թշնամին յատկապէս աշխոյժ է ճակատային գիծի հիւսիս-արեւելեան հատուածին:

ՊԲ ստորաբաժանումները հակառակորդի կրակը լռեցնելու եւ վերջինիս ծրագիրները ձախողցնելու համար բոլոր ուղղութիւններով կը ձեռնարկեն համարժէք գործողութիւններ՝ վերահսկողութեան տակ պահելով մարտավարական իրադրութիւնը: