Առաւօտեան հիւսիսային ուղղութեամբ հակառակորդը վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները. Շ. Ստեփանեան

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ պահպանուած է յարաբերական կայուն լարուածութիւնը: Առանձին հատուածներու մէջ տարբեր ուժգնութեամբ շարունակուած են հրետանային մարտերը:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը՝ նշելով, որ խախտելով մարդասիրական հրադադարը, առաւօտեան հիւսիսային ուղղութեամբ հակառակորդը վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները: