Առաւօտեան հիւսիսային եւ հարաւարեւելեան ուղութիւններով հակառակորդը վերսկսած է հրետանային ուժգին կրակը. Շ. Ստեփանեան

2020-10-15
Image

Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ հոկտեմբեր 14-ի լոյս 15-ի գիշերուան ընթացքին յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։

«Առաւօտեան հիւսիսային եւ հարաւարեւելեան ուղութիւններով հակառակորդը վերսկսած է հրետանային ուժգին կրակը»,-կը տեղեկացնէ Ստեփանեանը։

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՊԲ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վերահսկողութեան տակ պահել մարտավարական իրադրութիւնը եւ քայլեր կը ձեռնարկեն թշնամական ուժերուն նոր կորուստներ հասցնելու ուղղութեամբ: