Առաւօտեան հակառակորդը Մեխակաւանի (Ճեպրայիլ) մատոյցներէն գումարտակի կազմով դիմած է փախուստի

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակը կայուն-լարուած էր:
Վաղ առաւօտեան՝ ժամը 08:30-ի մօտերը, հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդը կեդրոնացման շրջանէն գրոհի փորձ ձեռնարկած է, սակայն, կորսնցնելով երեք միաւոր ռազմական սարքեր եւ տալով աւելի քան քսան զոհ ու վիրաւոր, Մեխակաւանի (Ջեպրայիլի) մատոյցներէն գումարտակի կազմով դիմած է փախուստի։