Առաջնագիծին թշնամին ոչ մէկ յաջողութիւն ունի. Վահրամ Պօղոսեան

Հակառակ ատրպէյճանական կողմի տարածող աշխոյժ ապատեղեկատուութան, նշեմ, որ առաջնագիծին թշնամին ոչ մէկ յաջողութիւն ունի, տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խօսնակ՝ Վահրամ Պօղոսեան։
«Թրքական եւ ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներէ կազմուած ատրպէյճանական զօրքը ամէնուրեք կը հանդիպի Պաշտպանութեան բանակի կոշտ ու կործանիչ հարուածներուն», - գրած է Վահրամ Պօղոսեան։