Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեան ինքնամեկուսացուած

ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանը ինքնամեկուսացած է։
«Արմենբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է նախարարի մամուլի խօսնակ Սոնա Մարտիրոսեանը։
«Նախարարութեան մէջ եղած են «Քորոնա» ժահրով վարակման դէպքեր, այդ իսկ պատճառով Բաթոյեանը ինքնամեկուսացած է։ Ան յանձնած է քննութիւնը, որ բացասական եղած է»,- նշած է Մարտիրոսեանը։
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 5606-ի։ Գրանցուած է մահուան եւս 3 դէպք, ընդհանուր թիւը հասած է 70-ի։