Աշակերտները դիմակով դասերուն պիտի մասնակցին, դասերը վեցօրեայ պիտի ըլլան․ նախարար

Դպրոցներուն մէջ աշակերտները դիմակով դասերուն պիտի մասնակցին։ Այս մասին 18 օգոստոսին, «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը։
«Դուք կը տեսնէք, որ մենք զգալի սահմանափակումներ կը հանենք, ըստ էութեան դասընթացքները ամբողջութեամբ կը վերականգնենք, կ'ապահովենք աշակերտներու մեծ հոսք դպրոցներ, եւ տարրական հակահամաճարակային պայմանները պէտք է պահպանուին։ Հարցադրումներ կը հնչեն, թէ դիմակներու պարագային ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։ Այստեղ բոլորս պէտք է աշխատինք եւ բացատրենք ծնողներուն աշակերտներու՝ դիմակներ կրելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ այս սահմանափակումներու թեթեւացման պայմաններուն մէջ դիմակը տարածման կանխարգելման ամենալաւ միջոցն է»,- ըսած է նախարարը:
Արայիկ Յարութիւնեանը նաեւ նշած է, որ կը նախատեսեն դասարաններու՝ մեծ ըլլալու պարագային, անոնք կիսել, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ապահովել ընկերային հեռաւորութիւնը։
«Ախտահանման առումով նոյնպէս ցուցումները տրուած են։ Դպրոցները պիտի ապահովեն նաեւ ախտահանման միջոցները, մասնաւորապէս՝ ձեռքերու ախտահանում, դասարաններու ախտահանում դասերէն առաջ կամ ետք»,- նշած է Արայիկ Յարութիւնեանը։
Նախարարը նաեւ նշած է, որ դասացուցակի թեթեւացում պիտի ըլլայ։ Աշակերտները հնգօրեայի փոխարէն վեցօրեայ պիտի այցելեն դպրոցներ։
«Սա շատ կարեւոր է։ Մենք կ'երկարացնենք ուսումնական շաբաթը, որպէսզի աշակերտները առաւելագոյնս քիչ ժամանակ անցնեն դպրոցին մէջ, որ զգալի պիտի նուազեցնէ ժահրի տարածումը։ Բացի այդ, յաճախակի այցելութիւններով դասերու եւ կրթութեան շարունակակութիւնը պիտի ապահովուի։ Պիտի առաջանայ նաեւ սնունդի խնդիր։ Ճաշարաններն ու պիւֆեթները պիտի չգործեն եւ մենք որոշ լուծումներ կը փորձենք այստեղ գտնել, բայց լուծումներէն մէկն ալ այն է, որ երեխան որքան քիչ դպրոցը ժամանակ անցնէ, այնքան սնունդի մատակարարման անհրաժեշտութիւնը կը նուազի»,- ըսած է ան։